Ապշեցուցիչ է հայը: Գլխի վրա ռումբեր են պայթում, մահն է դարանակալ ամեն քայլի վրա, քանդվում են քաղաքը, երկիրը, աշխարհը, իսկ այս տաղանդավոր հայուհին, բանաստեղծը, փոքրիկ աղջնակը հրաշք տողեր է երկնում` ահը, մահը, ավերը անցկացնելով իր սրտի միջով ու լույս, սեր, հրաշք արարում:
Սիրով տպագրում ենք Քրիստինայի բանաստեղծությունը, որն ավելի շուտ հրաշալի շարք է:
***
Այս գիշեր անգամ մը եւս
Բանտարկած եմ ինքզինքս,
Տխուր սէր մը կեցած աչքերուս առաջ`
Երկու թռչուն նստած իրար հակառակ,
Կարծես իրենք ալ տխուր ինձ նման,
Ամէն վայրկեան կ’իյնան թելերէն ասուպներու նման.
Ու հեռուէն ձայներ կը լսուին որոտումի`
զօրաւոր ու բարկացած,
Ու կը նային աչքերս դէպի հեռուն անորոշ
Թէ ո՞ւր կ’երթայ այդ անյայտ ճամբան...
Ես այս գիշեր ալ այսպէս եմ`
Կոյր‚ խուլ, խելագարուած,
Առանց գինիի գինովցած.
Ու թռչունը մելամաղձոտ աչքերը ինծի ուղղելով.
Ու ես խաբուած, վախցած եւ կորսուած`
Իրարմէ կը խնդրենք ու կ’աղաչենք պճեղ մը յոյս.
Թող զարդարեն մեզ այս գիշեր հեռուէն լսուող ռումբի ձայները,
Բայց մենք պիտի մնանք այդպէս ու միշտ ուզենք իրարմէ
Ապրելու համար պճեղ մը յո՜յս...
Ես ինչքան մոմեր վառեմ.
Ո՞ր մէկը կրնայ մեզ լուսաւորել.
Լուսաւորել մեզ սարսափելի մութէն,
Երբ այնտեղ մանուկ մը աչքերը կը բանայ զէնքի ձայներով,
Երբ կործանիչ օդանաւերը մեր վրայէն կը թռչին, կ’անցնին`
Առնելով մեր յոյսն ու հաւատքը.
Իմ երեսս ինչպէ՞ս ժպտայ,
Երբ աչքերուս մէջ վախէն զատ բան չկայ.
Ու գացողը կ’երթայ, ու զարնողն ալ կը զարնէ.
Անգամ մը եւս մեր աչքերուն առջեւ եղածին կը լռենք,
Շշուկն ու փսփսուքը կը տիրեն բոլոր թաղերը,
Ու բոլորս յուսահատ, յոգնած եւ թոռմած
Կը սպասենք լոյս, յոյս կը սպասենք ուշացած,
Շա՜տ ուշացած խաղաղութի՜ւնը...
Այնքա՜ն ծերացած, այնքա՜ն յոգնած կը զգամ ինձ
Զարմանալով, թէ ինչպէ՜ս հասայ ես այս օրին,
Երբ քանի մը քայլ անդին,
Արիւնները կը հոսին ու ձայներ կը բարձրանան`
Աղաչելով Աստուծոյ,
Անդին՝ հայհոյելով.
Թէ ինչպէս կը դիտենք ու կը լռենք մութին,
Ու չի լսուիր երբեք եկեղեցւոյ զանգին ղօղանջը`
Զէնքի սարսափելի ձայնէն աջ ու ձախ.
Հովը նոյնիսկ կը վախնայ, կ’ուզէ ներս մտնել`
Պատուհաններն ու դուռերը զարնելով,
Բայց բախտաւորն է, որ ներսը տաքուկ կը մնայ,
Ետքը` բախտաւորն ալ չի մնար:
Ինչո՞ւ կը ստիպուինք լսել ձայնարկութիւններ ամէն տեղէն,
Եւ լռութիւնը չի տիրեր բոլորիս այս գիշեր:
Կ’ըսուի թէ մահն է,
Ո՛չ, մահը մեր մէջ է,
Երբ բոլորս կը սպասենք մահը ու կը վախնանք.
Ամէն ինչ սո՞ւտ է, միայն մահն է իրական.
Ի՞նչ կը շահիմ կեանքէն, ի՞նչ կը շահիմ,
Երբ ունիմ դրամ,
Երբ ունիմ յաջողոթիւն, սէր եւ ուժ,
Սակայն յանձնած եմ մարմինս մահուան,
Ու երբ վերջս ալ այդ ժանգոտած երկաթէն
տարբերութիւն մը չունի.
Կը սպասենք դալկահար դէմքով,
Անդադա՜ր կը սպասենք,
Իսկ եթէ մահը յետաձգէ մեզ խեղդելը այս գիշեր,
Մեր դողդղած շրթունքէն պիտի փրթի մէկ բառ`
«Խաղաղութի՜ւն»:
Չէի գիտեր մահուան այսքան սարսափելի ըլլալը,
Այսքան անխիղճ, այսքան դաւադիր ըլլալը,
Երբ մահուան պատճառով այնտեղ, մութին մէջ կարծր
Երկաթը կը դողդղայ, իմ սիրտս վախէն չդողա՞յ:
Չէ՛, ալ չի կրնար ծովը գալ մազերս շոյել ու դադրեցնել
Դողահար սիրտս` ալիքներէն,
Խանգարուած հոգիս` մղձաւանջէն:
Աստուա՛ծ իմ, ինչպէ՞ս քեզի հաւատամ,
Երբ անդին անմեղը կ’ուլայ անդադար,
Մեղաւորին պատճառով անարդար.
Ահա՛, տե՛ս, չեմ կրնար նայիլ քեզ,
Ամչկոտ աչքերս լուռ
Կը դառնան հեռուն, շա՜տ հեռուն,
Ուր միայն կան ահռելի մահն ու երկար քուն...
Տե՛ս, կը տապալիմ ոտքիդ տակ,
Ու կը թափին գլխուս վրայ հուր ու կայծակ.
Ես չէի գիտեր մահուան այսքան սարսափելի,
Այսքան անխիղճ, այսքան դաւադիր ըլլալը:

ՔՐԻՍՏԻՆԱ ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ, 16 տարեկան
Հալէպ, Սուրիա
2013 թ.
Հալէպ, Սուրիա
2013 թ.
Սիրելի Քրիստինա, անչափ հուզիչ ու նույնքան գեղեցիկ է քնքուշ սրտիդ ղողանջը...
ОтветитьУдалить